2011-07-12 14:27:47

Հայր ֆետերիքօ Լոմպարտիի Շաբաթական Խմբագրականը
<<Խարթումէն մինջեւ Ժուպա>>


Ռատիօվատիկանի ընդհանուր տնօրէնը շաբթուայ իր խմբագրականը յատկացուցած է Ափրիկէի 54 նոր հանրապետութեան Հարաւային Սուտանին - Խարթումէն մինջեւ Ժուպա - վենրագրով։
Հայր ֆետերիքօ Լոմպարտին իր խմբագրականի սկիզբը կը մէջբերէ ՅՊԲ երջանկայիշատակ Քահանայապետի խօսքերը զոր արտասանած էր 1993 փետրուար 10ին երբ այցելած էր Խարթումը եւ ուր տեղւոյն պետական իշխանութիւններու առջեւ յանդուգնօրէն` դիմագրաւած էր արդարութեան եւ ազատութեան նիւթերը խանդավառելով Կաթողիկէ Սուտանցիները որոնք մեծամասնութեամբ հարաւային Սուտանի գաղթականներ էին, հերացած իրենց ծննդավայրէն, քաղաքական պատերազմի եւ բռնութիւններու պատճառաւ։ Այդ առթիւ ՅՊԲ Քահաայպետը ըսած էր <<թող Սուտանի քաղաքացիները` իրենց ազատ կամքով` գտնեն սահմանադրական բանաձեւ մը որ վերջ դնէ հասարակական հակադրութիւններուն...աղօթքս ու միտքս կ՛ուղղեմ բոլոր անոնց որոնք պատերազմի պատճառաւ ստիպուած եղան թողուլ իրենց բնակավայրերը... իրենց չարաչարանքներուն ի տես չեմ կրնար չյայտնել իմ զօրակցութիւնս հանդէպ անպաշպան տկարներուն որոնք Աստուծոյ կը դիմեն յայցելով օգնութիւն` արդարութիւն` եւ մարդկային արժանապատուութեան իրաւունք` ինչպէս նաեւ հաւատքի ազատ դաւանում առանց խտրականութեան ու վախի ենթարկուելու։
18 տարի անցան - կը շարունակէ Հայր Լոմպարտին - 2 միլիոն ժողովուրդ արդէն մահացած է ու 4 միլիոնը գաղթականութեան մատնուած բայց հիմա մեծ յոյսեր կան որ պատերազմը իսկապէս հասած ըլլայ իր աւարտին եւ Հարաւային Սուտանի նորանկախ հանրապետութիւնը պիտի կարենայ խաղաղութեան նոր պատմութիւն մը սկսիլ։ Անկախութեան հռչակման արարողութեան ներկայ էին` ի մէջ այլոց` Սրբազան Քահանայապետի ուղարկած պատուիրակութիւնը ու Մակի Միացեալ Ազգերու կազմակերպութեան քարտուղարը։
Հարաւային Սուտանը աշխարհի ամենէ աղքատ երկիրներէն մին է` ու կը գտնուի դժուար մարտահրաւենրենրու դէմ հանդիման բայց անոր քաղաքացիները կը յուասն խաղաղ եւ ազատ ապագայ մը կերտել։
Հարաւային Սուտանի Ժողովուրդին` 1993-ի երեկոյեան` Խարթումի մէջ արտայատած խորհրդաւոր եւ արտաասսուոր կենսունակութիւնը տակաւին կը շարունակուի ու ծաղկելու համար պէտք ունի միջազգային ուժեղ եւ որոշիչ զօրակցութեան։ Չի զլանանք ոժանդակելու անոր բարգաւաճումին։








All the contents on this site are copyrighted ©.